2016-08-31 09:51:00

Մայր Թերեզայի սրբադասման նախօրեակին` խոկումներ (Բ). Մայր Թերեզայի գաղտնիքը` Աղօթքը


 (Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 4 սեպտեմբերին Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ հանդիսաւոր արարողութեամբ սուրբերու շարքին պիտի դասուի ''աղքատներէն ամէնէն աղքատին'' ծառայ ու գթութեան միաբանութեան հիմնադիր Քալքութայի Մայր Թերեզան։
Այս առթիւ կը ներկայացնենք անոր կեանքի վկայութենէն ու իմաստալից խօսքերէն հատուածներ։
 
Ամբողջ աշխարհի համար Մայր Թերեզան դարձած է քրիստոնէական սիրոյ եւ գթութեան խորհրդանիշը ու շատեր հետաքրքրուած էին իմանալու թէ ո՞րն էր անոր յաջողութեան գաղտնիքը։ Անոնք որոնք առիթը ունեցած են զինք մօտէն ճանչնալու կարող են հաստատել թէ` սուրբ պատարագը, ս. հաղորդութիւնը եւ պաշտամունքի կեանքը յատուկ դեր կը խաղային Մայր Թերեզայի կեանքին մէջ։ 
Օր մը երիտասարդ վարդապետ մը անակնկալ հարցում մը կ՛ուղղէ Մայր Թերեզային ըսելով. ''Մայր Թերեզա, Ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ ձեր գաղտնիքը''։ Մայր Թերեզան շեղակի նայելով հարցադրողին պատասխանած է ''շատ պարզ` աղօթքի''։ 
''Առանց Աստուծոյ մենք այնքան աղքատ ենք որ անկարող ենք նոյնիսկ մէկ աղքատի օգնել, բայց եթէ աղօթենք, Աստուած կը լեցնէ մեր սիրտը իր սիրով։ Սէրը աղօթքի պտուղն է։ Իսկ սիրոյ պտուղը ծառայութիւնն է։ Միայն աղօթքով կրնաս աղքատներուն ճշմարտապէս ծառայել'' ըսած է Երանելի Մայր Թերեզան խօսելով աղօթքի կարեւորութեան մասին։ 
Ան այլ առիթով մը նաեւ հաստատած է ''աղօթքը սրտէ սիրտ հաղորդակցութիւն է. Երբ Յիսուսին կ՛աղօթեմ, իմ սրտէս Յիսուսի սրտին կը խօսիմ։ Մայր Թերեզայի համար աղօթքի հիմնական սահմանումը հետեւեալն էր ''Աստուած կը խօսի մեր սրտի լռութեան մէջ, իսկ մենք կը լսենք զինք, ապա մեր սրտի լռութենէն մենք կը սկսինք խօսիլ, իսկ այս անգամ Ան մեզ կը լսէ։ Ասիկա է աղօթքը''։ 
Մայր Թերեզայի աղօթքները չէին սահմանափակուէր միայն աղօթքի մնայուն ժամերով։ ''Ամէն ատեն աղօթք կատարեցէք'' Պօղոս առաքեալի սորվեցուցած այս յորդորը առանցքը կազմած էր Մայր Թերեզայի հոգեւոր կեանքին։ Անոր ձեռքին մնայուն վարդարան մը կար։ 
Աղօթքը արդարեւ ամբողջ հոգեւոր կեանքը ու յատկապէս սուրբ խորհուրդները Մայր Թերեզայի համընդհանուր առաքելութեան հիմքը կը կազմէին։  
Գթութեան Միսիոնարներու տուներուն մէջ ամենակարեւոր բաժինը մատուռն է ուր կը պահուի սուրբ հաղորդութեան տապանակը։ Ատոր համար այդ բաժինը միշտ մաքուր պիտի ըլլայ եւ որքան հնարաւոր գեղեցիկ։ 
Մայր Թերեզան համոզուած էր որ Յիսուսին կարելի էր հանդիպիմ հաղորդութեան խորհուրդին մէջ եւ երկրորդ ծայրայեղ աղքատ, տառապող մերձաւորին ընդմէջէն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.